Պատանեկան կեանք Քեսապի մէջ:
Լուսանկարներ Հալէպի զանազան տեսարժան վայրերուն ինչպէս նաեւ Քարէն Եփփէ Ազգային Ճեմարանին մէջ՝ ընկերներով շրջապատուած:
Այցելութիւն Անթիլիաս - Զինուորական ծառայութիւն Հալէպի մէջ - Ամառնային այցելութիւններ Քեսապ:
Պտոյտներ ճեմարանականներու հետ - Պտոյտներ Հալէպ բնակող Քեսապցիներու հետ:
Հինգ մտերիմ ընկերներ - Շրջանաւարտ Քարէն Եփփէ Ազգային Ճեմարանէն:
Իր հայրենական գիւղաքաղաք Քեսապի մէջ կը պաշտօնավարէ Քարէն Եփփէ Ճեմարանէն շրջանաւարտ ըլլալէն անմիջապէս ետք:
Գամիշլի (Սուրիա)
Հալէպի հանրային պարտէզին (Մաշթալ) մէջ ուսանողական շրջանի ընկերներու հետ:
Հոմսի մէջ պաշտօնավարութեան տարին: Հոմս կը գտնուի Սուրիոյ մէջ՝ Դամասկոսի եւ Հալէպի միջեւ: Այդ տարիներուն ունէր հայկական կազմակերպուած գաղութ:
Լիբանան՝ Պուրճ Համուտի Քառասուն Մանկանց Վարժարանին մէջ պաշտօնավարութեան շրջանին:
Նշանտուք եւ պասակադրութիւն:
Ազգականներու, բարեկամներու եւ գործընկերներու հետ, Պէյրութի մէջ՝ նախքան Յունաստան մեկնիլը:
Նկարներ Յունաստանէն՝ կրթական, ազգային - հասարակական եւ ընտանեկան կեանքէ առնուած:
Թրիփոլի, Լիբանան, պաշտօնավարութեան ժամանակ: 1972-1973 տարեշրջանին պատասխանատու նշանակուած է Ճպէյլի Թռչնոց Բոյն հաստատութեան մէջ:
Քուէյթի մէջ պաշտօնավարութեան եօթ տարիներու ընթացքին՝ դպրոցական եւ ընտանեկան նկարներ: Եկեղեցւոյ նկարները առնուած են ամառնային արձակուրդի ժամանակ՝ Հալէպ:
Երեւան՝ Սփիւռքահայ ուսուցիչներու խմբակին հետ:
Վերադարձ ծննդավայր Քեսապ: Տիւզաղաճ շրջանին մէջ կը մշակէ խնձորի պարտէզ:
Մէկ տարի Աթէնք կ՛ապրի՝ վերյիշելով անցեալը, երբ քսանհինգ տարիներ առաջ որպէս ուսուցիչ ուղարկուած էր հոն:
Այս շրջանին Հալէպի մէջ կ՛աշխատի որպէս սրբագրիչ Գանձասար շաբաթաթերթին եւ քարտուղար Ս. Քառասնից Մանկանց Մայր Եկեղեցւոյ: Այս վերջին պաշտօնը կը շարունակէ մինչեւ կեանքի վերջին ամիսները:
Տէր եւ տիկին Յակոբ եւ Օժէնի Սահակեանները կը նշեն իրենց ամուսնութեան 25 ամեակը՝ Բլանէթ հիւրանոցին մէջ, Հալէպ, զաւակներուն եւ ազգականներուն ներկայութեամբ:
Վերջին այցը Աթէնք՝ այս անգամ իր կրտսեր տղուն Վիգէնին պսակին ներկայ գտնուելու համար:
Կը շարունակէ թաղականութեան քարտուղարութեան պաշտօնը Ս. Քառասնից Մանկանց Մայր Եկեղեցւոյ մէջ, Հալէպ: Մինչեւ կեանքին վերջին շաբաթը ազգային կեանքին հետեւեցաւ՝ հաւատարիմ մնալով իր կոչումին:
Պրն. Յակոբ Սահակեան հոգին կ՛աւանդէ 01 Յուլիս 2009-ին առաւօտեան ժամը երեքին: Թաղման կարգը տեղի կ՛ունենայ նոյն օրը իր սիրած եւ ծառայած Ս. Քառասնից Մանկանց Մայր Եկեղեցւոյ մէջ: Կը թաղուի իր փափաքին համեմատ Հալէպի Ազգային գերեզմանատան մէջ:
Նկարները գլխաւորապէս կը պատկանին նախորդ դարու յիսունական եւ վաթսունական թուականներուն:

